ԱՆՄԱՏՉԵԼԻ ԼԵՌԸ

Շատ բարձր եւ անմատչելի* լեռ մը կար. մարդիկ փափաքեցան հոն բնակութիւն հաստատել, որովհետեւ լի էր բարիքներով։ Սակայն շատ դժուար էր բարձրանալը, թէպէտ ունէր բազմաթիւ ճամբաներ։

Անոնք, որոնք բարձրանալու ժամանակ կանգ առին հանգստանալու համար, սայթաքեցան* եւ վար գլորուելով հասան մինչեւ ստորոտը, իսկ անոնք, որոնք չուզեցին դադար առնել եւ շարունակեցին վերելքը, հասան լեռան գագաթը եւ հանգիստ կեանք ապրեցան։

ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇ

Այս առակը ցոյց կու տայ, թէ որեւէ նպատակ իրագործելու համար կարեւոր է յարատեւութիւնը։