ԲԱԶՄԱՆԻՇ ԲԱՌԵՐ
Հայերէնը ունի բառեր, որոնք մէկէ աւելի իմաստ ունին եւ կը կոչուին բազմանիշ։ Բազմանիշ բառը բարդ բառ մըն է, որ կազմուած է երկու արմատ բառերէ, որոնք եթէ ճանչնաս, պիտի հասկնաս թէ ի՞նչ կը նշանակէ այն:
Բազում+Նիշ: Բազում կը նշանակէ շատ, իսկ նիշ՝ նշանակութիւն, իմաստ:
Ուրեմն, հիմա որ հասկցար բազմանիշը ինչ է, ձախ կողմի սիւնակին իւրաքանչիւր բառը միացո՛ւր աջ կողմի բառերու այն զոյգին, որ նոյն իմաստը ունին։