«ԲԱՐԵՐԱՐԸ»

Ոստիկանները մարդ մը պատժարան* կը տանէին, որ ձեռքը կտրեն։ Ճամբան, անցորդ մը կը հարցնէ.
-Այդ մարդուն ձեռքը ինչո՞ւ պիտի կտրեն։
Ոստիկանները կ’ըսեն.
-Հարիւր ոսկի պարտք ունի, որ չէ վճարած։

Անցորդը երբ կ՚իմանայ, որ պարտապանը* դրամ չունենալուն պատճառով է, որ չէ վճարած իր պարտքը, հարիւր ոսկի կու տայ պարտատէրին*ու մարդուն ձեռքը կը փրկէ։
Ատկէ ետք, ամէն անգամ, երբ դրամը վճարողը կը տեսնէ իր փրկած մարդը, անոր կ’ըսէ. -Եթէ ձեռքդ չփրկէի՝ ի՞նչ պիտի ընէիր։

Օր մըն ալ, նախկին պարտապանը երբ գործէն յոգնած տուն կը վերադառնար, կրկին կը հանդիպի իր «բարերարին» եւ նոյն խօսքերը նորէն կը լսէ։ Կշտացած ու զզուած իր «բարերարին» «բարեգործութենէն», ձեռքը անոր կ՚երկարէ ու կ’ըսէ.
-Մեծահոգի՜ բարերարս, այն օրէն ինչ փրկեցիր այս ձեռքս, անիկա ինծի ուրախութիւն չպարգեւեց։ Ա՛ռ, կտրէ՛, քեզմէ ազատիմ, հոգիս ալ թող թեթեւնայ...։

Առակը ցոյց կու տայ որ իսկական բարեգործը կ՚ըլլայ համեստ եւ իր կատարած բարիքը տեղի-անտեղի չի յայտարարեր ու մանաւանդ՝ չ՚ամչցներ բարիքը ստացողը։


Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Պատշաճեցումը՝ ՓԹԻԹ-ի