ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ կը գտնուին 22 արաբական երկիրներ: Ասոնցմէ շատերը լսած ըլլալու ես, մանաւանդ եթէ արաբական երկրի մէջ կ'ապրիս: Բայց այդ երկիրներուն հայերէն անուններուն ծանօ՞թ ես:
Գիտես, որ շատ երկիրներ տարբեր լեզուներու մէջ տարբեր անուններ կ'ունենան: Ուրեմն ահա առիթ քեզի՝ ծանօթանալու 8 արաբական երկրի հայերէն անուններուն:
Տուեալ արաբական երկիրները ջնջէ՛ ցանցին մէջ, ապա մնացեալ տառերով կազմէ՛ պահուած բառը։
Բառերը ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։ Իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ օգտագործել։
Պահուած բառը գտնելէ ետք տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։