Արուեստի հնագոյն տեսակներէն է նկարչութիւնը: Նախամարդը գծած է ժայռերու կամ քարայրներու պատերուն վրայ, արտայայտելու համար որեւէ գործողութիւն մը կամ միտք մը:
Ժամանակի ընթացքին փոխուեցան նկարելու ձեւերը, նիւթերը եւ միջոցները: Եկէք սորվինք նկարչութեան պատմութեան մասին կարգ մը տեղեկութիւններ՝ վարի հարցումներուն 3 հաւանական պատասխաններէն ընտրելով ճիշդը։
1 - Առաջին գծագրութիւնը քանի՞ տարի առաջ գծուած էր։