ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏՆԵՐԸ ԳԻՏԵ՞Ս


Հայերէնի մէջ կան բազմաթիւ թեւաւոր կամ պատկերաւոր խօսքեր, որոնցմէ դարձեալ ընտրած ենք ութ հատ։ Ասոնք մեր բերանացի խօսքը կը դարձնեն աւելի հետաքրքրական: Փորձէ՛ առաջին սիւնակի պատկերաւոր խօսքը միացնել երկրորդ սիւնակի իր իմաստին եւ ինչու չէ, գործածէ զանոնք:


Ականջին օղ ընել
Աչքերը զոյգ բանալ
Աչքը բաց մեռնիլ
Բախտի անիւը դառնալ
Աչքը չար ըլլալ
Ասեղի ծակէն անցնիլ
Աւելով վռնտել
Արիւնը գլխուն զարնել
 
Ուշադիր ըլլալ
Լաւ բան չկամենալ
Խրատ մը չմոռնալ
Անարգանքով դուրս հանել
Նպատակին չհասած մեռնիլ
Շատ ջղայնանալ
Գործը դէպի լաւ կամ դէպի գէշ երթալ
Շատ նիհար ըլլալ