ԿՈՏՈՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԳԻՏԵ՞Ս
Հաւանաբար թուաբանութեան դասէն արդէն ծանօթ ես կոտորակներուն: Հիմա առիթն է սորվելու անոնց հայերէն անուանումը եւ մանաւանդ՝ գրութեան ձեւը: Ուրեմն առաջին սիւնակի իւրաքանչիւր կոտորակ միացո՛ւր երկրորդ սիւնակի իր անունին, որպէսզի գիտնաս ճիշդ ձեւերը: