Պարկեշտ Կովը

Ժամանակին գիւղ մը կար, որ կը գտնուէր բլուրի մը ստորոտը։ Այս գիւղին մէջ կար կովերու նախիր* մը, որու մաս կը կազմէր Բունիա անունով խելացի կով մը, որ ունէր մէկ հատիկ հորթ մը։ Ամէն առաւօտ, երբ կովերը կ՛երթային արածելու բլուրին վրայ, իրենց հորթերը գիւղը կը ձգէին մինչեւ իրիկուն։
Արօտավայրին* մօտ անտառ մը կար, ուր կը բնակէր ծերացած առիւծ մը, որ այլեւս անկարող էր անտառին մէջ որս բռնելու։ Ուստի,անօթի առիւծը կ՛որոշէ անտառէն դուրս գալ յարմար որս մը գտնելու համար։ Հեռուէն կը նշմարէ կովերու հօտը, որ կը վերադառնար արօտավայրէն։ Առիւծը շատ կ՛ուրախանայ եւ կը պահուըտի ժայռի մը ետեւ, որպէսզի յարմար ատենին դուրս գալով յարձակի կովերուն վրայ։ Սակայն աճապարելով, շուտ դուրս կուգայ թաքստոցէն, մինչ կովերը զայն տեսնելով կը յաջողին փախիլ։ Առիւծը կը փորձէ հալածելով բռնել կով մը, սակայն իզուր, որովհետեւ ան այնքան տկար էր եւ ուժասպառ, որ չէր կրնար վազել։ Ուստի ինքզինք մեղադրելով կը վերադառնայ ժայռին մօտ։ Քիչ ետք, հեռուէն, առանձին կով մը կը տեսնէ. Բունիան էր, որ խումբէն բաժնուեր էր ու կ՛աճապարէր հասնելու իր հորթին։

Առիւծը կ՛որոշէ այս անգամ առիթը չփախցնելով անպայման բռնել կովը։ Կը սպասէ որ Բունիա մօտենայ, ապա դուրս կուգայ ժայռին ետեւէն։ Խելացի Բունիան կը գիտակցի թէ կարելի չէր ազատիլ առիւծին ձեռքէն, ուստի կ՛ըսէ.
«Ես պատրաստ եմ քեզի կեր դառնալու, բայց կրնա՞ս ինծի բարիք մը ընել։ Տունը ձագուկս անօթի զիս կը սպասէ, կ՛արտօնե՞ս որ երթամ կերակրեմ զինք. Կը խոստանամ անմիջապէս ետ գալ»։
Առիւծը կը սկսի բարձրաձայն խնդալ ըսելով.
«Դուն զիս ապու՞շ կը կարծես, եթէ ձգեմ որ երթաս, բնաւ պիտի չվերադառնաս» ։ Բունիա աղաչելով կ՛ըսէ.
«Հաւատա՛ ինծի, խօսքս անպայման պիտի յարգեմ ու ետ գամ»։ Առիւծը կ՛ազդուի այս խօսքերէն ու հաւատալով անոր անկեղծութեան, կ՛ըսէ.
«Շատ լաւ, կրնաս երթալ, բայց շուտ վերադարձիր»։
Բունիա շնորհակալութիւն յայտնելով կ՛աճապարէ տուն, ուր իր ձագուկը անհամբեր զինք կը սպասէր։ Հորթին կաթ տալէ ետք կ՛ըսէ անոր.
«Տղաս, ես պիտի բաժնուիմ քեզմէ, որովհետեւ առիւծին խոստացայ, որ իր քով պիտի վերադառնամ քեզ կերակրելէ ետք»։
Հորթը՝ նեղուած կ՛ըսէ.
«Մայրիկ, մի՛ երթար»։ Մինչ այդ բոլոր կովերը կը հաւաքուին Բունիային շուրջ եւ կը փորձեն համոզել, որ չերթայ առիւծին մօտ, սակայն Բունիա կ՛ըսէ.

«Թերեւս ես կրնամ առիւծէն փախիլ, բայց չեմ կրնար փախիլ ինքզինքէս, որովհետեւ բնաւ պիտի չկարենամ ինքզինքիս ներել, եթէ խոստումս չյարգեմ»։ Ուստի հորթին խնամքը ընկերուհիներուն յանձնելով, Բունիա ճամբայ կ՛ելլէ վերադառնալու Առիւծին քով։
Մինչ այդ Առիւծը ինքզինք կ՛այպանէր* կանխահաս*, թէ ինչո՞ւ հաւատաց կովուն եւ արտօնեց որ երթար. Վստահաբար կովը պիտի չվերադառնար եւ ինք անօթի պիտի մնար…։ Այս միտքերուն մէջ էր առիւծը, երբ հեռուէն կը տեսնէ կովը, որ կը մօտենար։ Ան կ՛ազդուի կովուն պարկեշտութենէն, որ խօսքը յարգելով մեռնելու կուգար։ Ուստի կ՛ըսէ.
«Դուն բացառիկ կով մըն ես, եւ ես, հակառակ որ սաստիկ անօթի եմ, չեմ կրնար ուտել քեզի պէս անկեղծ ու պարկեշտ կով մը։ Գնա՛, վերադարձիր ձագուկիդ քով»։
Բունիա սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ առիւծին եւ ուրախութեամբ կը վերամիանայ իր հորթին։

Ուրեմն սիրելինե՛ր,այս պատմութիւնը ցոյց կուտայ թէ պարկեշտութիւնը միշտ կը վարձատրուի։