Ազնիւ հողագործը

Ժամանակին Անդրանիկ անունով հողագործ մը կար, որ փոքր հողակտոր մը ունէր։ Ան շատ ազնիւ ու հեզահամբոյր* անձ մըն էր։ Իր կնոջ ու զաւակներուն հետ կ՚ապրէր տնակի մը մէջ եւ ապրուստը կ՚ապահովէր իր հողին բերքը ծախելով։ Անդրանիկ կը սիրէր օգնել ուրիշներուն։ Երբ գիւղին մէջ մէկը հիւանդանար, ան միշտ պատրաստ էր ամէն ձեւով անոր օգտակար ըլլալու՝ բժիշկ բերելով, հիւանդին հսկելով թէ այլապէս։ Այսպատճառով Անդրանիկ բոլոր գիւղացիներէն սիրուած էր։
Միայն մէկ անձ կար, որ կ՚ատէր Անդրանիկը, այն ալ դրացի Միսակն էր, որ շատ ծոյլ էր, քիչ ջանք կ՚ընէր իր հողը մշակելու, հետեւաբար շատ քիչ բերք կը ստանար, մինչ Անդրանիկը, շատ բերք ստանալով լաւ շահ կ՚ապահովէր, Միսակին նախանձը գրգռելով։

Տարի մը, Միսակ ծայրայեղ նախանձէ մղուած, բերքահաւաքէն մի քանի օր առաջ, գիշերով կրակի կուտայ Անդրանիկին բերքը։ Անդրանիկ քնացած էր այդ պահուն, սակայն ուրիշ դրացի մը կ՚արթնցնէ զայն եւ ան կարելիութիւնը կ՚ունենայ փրկելու բերքին մեծմասը։ Անդրանիկ գրեթէ վստահ էր թէ դրացի Միսակն էր հրդեհը յառաջացնողը, սակայն կ՚որոշէ բան մը չըսել եւ միայն նման արարք մը կրկնուելու պարագային բողոքել կամ հակադարձել։ Օրեր ետք Անդրանիկ քունէն կ՚արթննայ Միսակին տունէն եկող աղմուկին պատճառով։ Կ՚աճապարէ դրացիին տունը, ուր կը տեսնէ թէ Միսակին փոքր տղան շատ հիւանդ էր եւ գիւղին բժիշկը անկարող էր բուժելու փոքրիկը։ Անդրանիկ առանց տատամսելու* ձին կը նստի ու հեռու գիւղ մը կ՚ուղղուի, ուրկէ աւելի փորձառու բժիշկ մը կը բերէ։ Այս բժիշկը կը յաջողի ճիշդ ախտաճանաչում* կատարել եւ ճիշդ դեղը տալ։ Մի քանի ժամէն փոքրիկը կը հանգստանայ ու կը քնանայ, մինչ Անդրանիկ բժիշկը իր գիւղը կը վերադարձնէ։

Յաջորդ առաւօտ, Միսակ Անդրանիկին տունը կ՚երթայ եւ լալով կը խոստովանի իր յանցանքը, սակայն կը զարմանայ, երբ Անդրանիկ կ՚ըսէ թէ ինք գիտէր արդէն։ Միսակ կ՚ըսէ.
«Գիտէիր թէ ե՛ս էի հունձքդ այրել փորձողը եւ հակառակ ատոր հեռու գիւղէն բժի՞շկ բերիր փոքրիկիս համար»։
Անդրանիկ կը պատասխանէ.
«Ես ըրի ինչ որ ճիշդ նկատեցի։ Եթէ դուն սխալեցար, ե՞ս ալ պէտք է սխալէի»։
Միսակ ոտքի կ’ելլէ, կը փաթթուի Անդրանիկին եւ երկուքն ալ կը յուզուին ու կ՚արտասուեն։
Այդ օրուընէ սկսեալ Միսակ շատ կը փոխուի։ Երբ մարդիկ զարմանալով կը հարցնեն իր փոփոխութեան պատճառը, ան կ՚ըսէ.
«Անդրանիկին սէրն ու ազնւութիւնը փոխեցին զիս»։

Ուրեմն սիրելինե՛ր, անձ մը կարելի է բարեփոխել անոր ըրած չարիքին բարիքով փոխադարձելով։