ԳԱՅԼԸ ԵՒ ԿՌՈՒՆԿԸ

ԳԱՅԼԸ ԵՒ ԿՌՈՒՆԿԸ

Օր մը որկրամոլ* գայլ մը իր որսացած նապաստակը կերած ժամանակ, ոսկոր մը կը մխրճուի կոկորդին մէջ։ Ինչ ալ փորձէ, չի կրնար ոսկորը տեղէն շարժել։ Աճապարանքով կ'երթայ կռունկին քով, որովհետեւ վստահ էր, որ ան իր երկար կտուցին շնորհիւ պիտի յաջողէր ոսկորը հանել, եւ կ'ըսէ անոր.

– Քեզի առատաձեռնօրէն պիտի վարձատրեմ, եթէ ոսկորը կարենաս հանել կոկորդէս։

Կռունկը սկիզբը կը տատամսի* գլուխը գայլին բերնին մէջ մտցնելու, բայց յետոյ կ'որոշէ օգնել գայլին, ուստի  կը կատարէ անոր խնդրանքը եւ ոսկորը կը հանէ։

Գայլը, ազատելէ ետք, անձայն կը հեռանայ։ Կռունկը կ'ըսէ.

– Ու՞ր մնաց վարձատրութիւնս։

Գայլը կը պատասխանէ.

– Վարձատրութիւնդ արդէն ստացար, երբ կտուցդ բերանէս անվնաս դուրս կրցար հանել...։

Առակը ցոյց կու տայ, որ չարերը իրենց բնութիւնը չեն փոխեր, որքան ալ օգնենք անոնց։