ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՐԴԸ

Ծովուն մէջ փոթորիկ էր, ալեկոծութիւն։ Մարդ մը, տախտակ մը բռնած, ուժասպառ, կը պայքարէր ալիքներուն դէմ։ Յանկարծ նաւ մը կը մօտենայ անոր ու կ’ուզէ փրկել խեղդուողը։

- Շնորհակալ եմ, փրկարար Աստուածս զիս կը փրկէ, հեռացէ՛ք,- կ’ըսէ ան։

Քիչ յետոյ խեղդուողին կը մօտենայ երկրորդ նաւ մը, ապա՝ երրորդ մը, սակայն մարդը նոյն պատասխանը կու տայ բոլորին։

Գիշերուան լռութեան մէջ, մարդը՝ խեղդուելու ատեն, բարձրաձայն կ’անիծէ զԱստուած։

Յանկարծ երկինքէն ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէ,- յիմա՛ր, քեզի խղճացի ու երեք նաւակ ղրկեցի, որպէսզի փրկուիս, իսկ դուն օգնութենէս հրաժարեցար։ Ի՞նչ ընէի…

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան

Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան