Երբ Թագաւորը Կը Քնանայ

Գիւղացի մը, սայլը բարձած*, ամբողջ գիշերը կը քշէ։ Առտուան կողմը, երբ քունը կու գայ, եզները սայլէն կ՛արձակէ, որպէսզի արածին, իսկ ինք, սայլին յենելով, կը քնանայ։ Քունէն կշտանալէն յետոյ կ՛արթննայ ու կը տեսնէ, թէ եզները չկան։ Հոս-հոն կ՛իյնայ, բայց զանոնք չի գտներ։ Նեղսրտած՝ կ՛ելլէ կ՛երթայ թագաւորին քով ու կ՛ըսէ.

- Թագաւորը շատ ապրի, եզներս տո՛ւր։
- Ի՞նչ եզներ, ո՛վ մարդ, որո՞ւն եզները տամ։
- Իմիններս։ Եզներս գողցած են։
- Մէյ մը պատմէ՛ տեսնեմ, թէ ինչպէ՞ս պատահած է։
- Թագաւորը շա՜տ ապրի։ Ամբողջ գիշերը քշեցի, բայց լուսադէմին քունս եկաւ։ Եզներս արձակեցի, որպէսզի քիչ մը քնանամ ու հանգստանամ։ Արթննալով՝ տեսայ, թէ եզներս չկան։ Ես ալ ելայ եկայ եզներս քեզմէ ուզելու։

- Տունդ շինուի։ Դուն հանգիստ կերպով քնացեր մնացեր ես, հիմա ալ եկեր եզներդ ինձմէ՞ կ՛ուզես։
- Թագաւորը շատ ապրի,- կ՛ըսէ գիւղացին։ Կը խորհէի, թէ երկրիս տէրն ու տիրակալը արթուն է, ատոր համար ալ հանգիստ կերպով քնացայ։ Եթէ գիտնայի, որ ան քնացած է, ես հաստատապէս չէի քնանար ու եզներս չէին գողնար։
Թագաւորը այս խօսքերէն անակնկալի կու գայ եւ, զայրացած, կը կանչէ իր իշխանները ու կը հրամայէ՝ ուրկէ ալ ըլլայ, թէկուզ գետնին տակէն, գողերը գտնեն ու եզները տիրոջը տան։
Թագաւորի հրաման էր. գողերը կը բռնեն, կը պատժեն, եզներն ալ գիւղացիին կու տան։
- Թագաւորը շա՛տ ապրի։ Ահա՛ ասկէ ետք ով ալ տեսնեմ, պիտի ըսեմ՝ դուք հանգիստ եւ ապահով կերպով քնացէք, մեր թագաւորը արթուն է,- կ՛ըսէ գիւղացին, եզները առջեւը կը ձգէ ու ճամբայ կ՛իյնայ դէպի տուն։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Պատշաճեցումը՝ ՓԹԻԹ-ի