ԼԵԶՈՒՆ ՈՍԿՈՐ ՉՈՒՆԻ

Խաբեբայ մը կար, որ ուր ալ երթար՝ կը խաբէր ու կը կողոպտէր։ Երբ մարդոց համբերութեան բաժակը կը յորդի, ճարահատ*, կը բողոքեն, դատ կը բանան ու խաբեբան դատարան կը կանչեն։
--Դուն գէշ համբաւ* ձեռք բերած ես, կ’ըսէ դատաւորը,--դուն խաբեբայ աւազակ մըն ես։ Կ’ուզեմ գիտնալ, թէ այդ ինչպէ՞ս կրցած ես այսքան մարդ խաբել։
--Դատաւորը շատ ապրի։ Ես ունիմ գործիք մը, որով կրնամ ամէն մարդ խաբել։
--Այդ ի՞նչ գործիք է, ցո՛յց տուր,--կը հարցնէ դատաւորը։
--Աստուա՛ծ վկայ, հիմա չեմ կրնար ցոյց տալ,--կ’ըսէ խաբեբան։ Գործիքս պարտքի դիմաց երեք ոսկիով գրաւ դրած եմ։ Եթէ կ’ուզես, երեք ոսկի տուր, պարտատիրոջը տամ, որպէսզի գործիքս դատարան բերեմ։
--Գնա բե՛ր,--կ’ըսէ դատաւորը ու երեք ոսկի կու տայ։
Կ’անցնի մէկ օր, երկու օր, մէկ շաբաթ, մէկ ամիս...խաբեբան չ’երեւիր, գործիքը չի բերեր։
Դատաւորը մարդ կը ղրկէ, որպէսզի խաբեբան բերեն դատարան։

--Ո՞ւր էիր, գործիքդ պիտի բերէիր,--կը հարցնէ դատաւորը։ Երեք ոսկիս ալ գողցար տարիր։
--Տէ՛ր իմ, մի՛ կարծեր, որ ես աւազակ մըն եմ։ Ես քեզմէ բան մը չեմ գողցած։ Վրադ բռնացա՞յ, որ երեք ոսկի տաս ինծի։ Քեզի զարկի՞, կեանքիդ սպառնացի՞...։ Դուն յօժար կամքովդ ինծի տուիր երեք ոսկին։
--Բայց դուն զիս խաբեցիր...
--Չխաբուէիր, չհաւատայիր։ Ես մեղաւո՞ր եմ, որ դուն ըսածներուս հաւատացիր։
--Փաստօրէն, գործիք չունի՞ս։
--Անշուշտ որ ունիմ։ Զայն բերած եմ։
--Ո՞ւր է, ցո՛յց տուր տեսնեմ։
--Գործիքս լեզուս է, տէ՛ր իմ։ Լեզուն ոսկոր չունի, ինչպէս ուզեմ՝ կը պտըտցնեմ...։