ԱԳՌԱՒՆ ՈՒ ԱՂՈՒԷՍԸ

Ագռաւ մը, պանիրի պատառ մը կտուցին, կը թառի բարձր ծառի մը կատարին։ Աղուէսը, երբ կը տեսնէ ասիկա, բերնին ջուրերը կը հոսին* եւ ծառին տակ կենալով, կը սկսի անուշ-անուշ խօսիլ.
Սեւո՛ւկ ագռաւ, աղուո՛ր քոյրիկ,
Քեզի պէս նախշուն* թռչուն չեմ տեսած,
Ինչո՞ւ այսպէս լուռ ես նստած։
Ի՜նչ ալ փափլիկ փետուր ունիս,
Ի՜նչ ալ կարմիր կտուց ունիս,
Արդեօք աղուոր երգել ալ գիտե՞ս.
Տէ՛, բան մը երգէ՝ լսեմ ես քեզ։

Ագռաւը այս գովքը լսելով, ուրախութենէն ինչ ընելը չի գիտեր։ Անմիջապէս բերանը լայն կը բանայ եւ կը սկսի «ղը՜ռ-ղը՜ռ» երգել ու … պանիրին պատառը կտուցէն վար կ’իյնայ։ Աղուէսին ուզածն ալ այդ էր արդէն. պանիրը գետնէն կը վերցնէ ու կը փախչի։

Առակը ցոյց կու տայ որ պէտք է զգուշանանք շողոքորթ* մարդոց կեղծ գովեստներէն, որոնք ընդհանրապէս ի վնաս մեզի կ՚ըլլան։


Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Պատշաճեցումը՝ ՓԹԻԹ-ի