ԿՏԱԿ ՎԱՍՆ ԳԱՆՁԻ

Իմաստուն, բայց աղքատ մարդ մը ունէր ծոյլ որդիներ։ Մահուան սեմին ան կանչեց որդիները եւ ըսաւ.
-Ո՛վ զաւակներս, նախնիներս մեծ գանձ թաղած են մեր այգիին մէջ եւ ես ձեզի ցոյց պիտի չտամ անոր տեղը։ Գանձը կը գտնէ ան, որ շատ կ’աշխատի եւ աւելի խորունկ կը փորէ։

Հօր մահէն ետք, որդիները սկսան մեծ եռանդով աշխատիլ եւ խորունկ փորել հողը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կ’աշխատէր ինք գտնել գանձը։

Այգին սկսաւ աճիլ, առատ բերք տուաւ եւ իր գանձերով հարստացուց զանոնք։

ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ