ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ
ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ
Այո, որքա՜ն գեղեցիկ բան մըն է բարեկամութիւնը, որ կը կարծես, թէ ամէն մարդ պիտի ուզէ՛ բարեկամ ըլլալ, բայց եկուր տես, որ մարդոց մէջ կան նաեւ ոչ-բարեկամներ, որոնք ընկերութեան տգեղ եւ տխուր կողմերն են: Գիտնանք անոնց տեսակները եւ խուսափինք այդպիսիներէն, բայց մանաւանդ՝ զգուշանանք այդպիսին ըլլալէ:
Սկսինք ճանչնալով զանոնք, ամբողջացնելով հետեւեալ բառերէն պակսող տառը՝ ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։