ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ


  • Հայկական ազգային խոհանոցը մեր պատմութեան, կենցաղին ու աւանդութիւններուն առանձնայատկութիւնները* կ'արտացոլէ

  • Հայաստանի խոհարարական աւանդոյթները սկիզբ առած են պատմութեան խորքէն։ Հայկական խոհանոցը ձեւաւորուած է Քրիստոսէ առաջ, Վանի թագաւորութեան շրջանին, երբ հայերը կը զբաղէին գիւղատնտեսութեամբ

  • Հայկական խոհանոցը ունի աւելի քան 3000 տարուայ պատմութիւն։ Հայերը սերունդէ-սերունդ փոխանցած են իրենց յատուկ ուտեստներու բաղադրատոմսերը

  • Հայաստանի իւրաքանչիւր շրջան ունեցած է եւ ունի իրեն յատուկ ճաշատեսակը եւ զայն պատրաստելու ձեւը։

  • Տարիներու ընթացքին կերակրատեսակները փոփոխութիւն կրած են, սակայն հայկական շունչը միշտ պահպանուած է։ Օրինակ՝ հարիսան պատրաստած են զոհ մատուցելու արարողութեան ժամանակ։ Անոնք ամբողջ գիշեր կ՚եփէին մարմանդ* կրակի վրայ եւ առաւօտեան կը մատուցէին։

  • Ըստ աւանդութեան, Վարդանանց ճակատամարտէն առաջ հարիսա բաժնուած է հայ զինուորներուն:

  • Հայկական խոհանոցին եւ հիւրընկալութեան մէջ աղն ու հացը նկատուած են պաշտամունքային առարկաներ։ Հինէն ի վեր, երբ արքունական խնճոյքներ կը կազմակերպուէին, խնճոյքը միշտ կը սկսէր աղ ու հացի արարողութեամբ։

  • «Մեր միջեւ աղուհաց կայ» արտայայտութիւնը կը վկայէ անխախտ ու անխարդախ բարեկամութեան մասին:

  • Տոլման հայկական ազգային խոհանոցի թագուհին է: Տոլմա բառը եկած է «տոլի» բառէն, որ կը նշանակէ խաղողի տերեւ։

  • Ղափաման հայկական ծիսական կերակրատեսակ է։ Ժամանակին այն կը մատուցուէր հարսանիքներու ժամանակ, որպէսզի նորապսակներու կեանքը ըլլար նոյնքան քաղցր, հարուստ եւ գունագեղ։ Ըստ աւանդութեան դդումը կը խորհրդանշէր երկրագունդը, բրինձը՝ մարդկութիւնը, իսկ չիրերն* ու ընկուզեղէնը՝ տարբեր ազգութեան եւ հաւատքի մարդիկ։

  • Խորովածը Ամենաաւանդական կերակրատեսակն է. առանց խորովածի ոչ մէկ տօն տեղի կ'ունենար։ Իսկ հայկական հարսանիքներուն խորովածի մասին յատուկ երգ կ՚երգէին եւ պարելով սեղան կը տանէին։

  • Հայաստանի մէջ կը նշուին տարբեր ճաշատեսակներու փառատօներ*, ինչպէս հարիսայի, տոլմայի, խորովածի, գաթայի եւ այլն: Կան նաեւ ազգային խոհանոցին առնչուող մեղրի, թութի, ծիրանի, գինիի եւ այլ փառատօներ: