ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ

Հայկական դիցաբանութիւնը հայ ժողովուրդի նախաքրիստոնէական շրջանին ընդունուած հաւատալիքներն են, որոնք առնչուած են տարբեր աստուածութիւններու: Հայկական դիցաբանութիւնը կարելի է բաժնել 3 փուլի՝ ուրարտական, բուն հայկականի եւ զրադաշտականի միաձուլում եւ հելլենիստական։

Ուրարտական դիցարանը կազմուած էր 70 աստուածներէ՝ 35 իգական եւ 35 արական։ Դիցարանին գլխաւոր աստուածը կը կոչուէր՝ Խալդի, յաջորդները կը կոչուէին Թեյշեպա եւ Շիվինի։ Ասոնց անունները փորագրուած են «Մհերի դուռ» կոչուած ժայռին վրայ:

Հայկական աստուածներն էին.-

Նախնական շրջան

Հայկ – Հայ ժողովուրդի նախահայրը

Արա – Մեռնող եւ յարութիւն առնող բնութեան, գարնան, երկրագործութեան աստուածը

Վահագն – պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի աստուածը

Տորք (Անգեղ) – Կը նմանեցուի փոթորիկի աստուածութեան

Ապա ասոնց աւելցան կամ փոխարինեցին հետեւեալ աստուածները.

Արամազդ – աստուածներու հայրը, երկնքի եւ երկրի արարիչը

Անահիտ – մայր դիցուհին, արգասաւորութեան* եւ պտղաբերութեան դիցուհին

Աստղիկ – սիրոյ, գեղեցկութեան եւ երկնային լոյսի եւ ջուրի դիցուհին

Նանէ – Արամազդի դուստրը, իմաստութեան եւ ռազմի դիցուհին

Միհր – արեգակի, կրակի ու լոյսի աստուածը

Տիրդպրութեան*, գիտութեան եւ ուսման աստուածը

Վանատուր – հիւրընկալութեան աստուածը

Ամանոր – նոր տարուան աստուածը

Սպանդարամետ – դժոխքի կամ անդրաշխարհի* աստուածը

Կան նաեւ Գիսանէ, Դեմետրէ անունով անյայտ մնացած աստուածներ:

Հելլենիստական շրջանին, յունական քաղաքակրթութեան ազդեցութեան տակ, տեղի ունեցաւ հայկական դիցարանի համադրումը հելլենականին հետ եւ հայկական աստուածները նոյնացուեցան յունական համապատասխան աստուածներուն, ինչպէս Արամազդը Զեւսին, Անահիտը՝ Հերային եւ այլն։ Սակայն հակառակ ատոր հայ աստուածները պահպանեցին իրենց ազգային ու պաշտամունքային ինքնատիպ* յատկանիշները։

Հայոց աստուածներու անուններով  կոչուած են հայկական հեթանոսական օրացոյցի կարգ մը օրերը. ամէն ամսուայ 7-րդ օրը կոչուած է Աստղիկ, 8-րդը՝ Միհր, 14-րդը՝ Վանատուր, 15-րդը՝ Արամազդ, 19-րդը՝ Անահիտ, 27-րդը՝ Վահագն: Արային անունով հայոց տոմարի վեցերորդ ամիսը կը կոչուի Արաց:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման շրջանին ոչնչացուեցան հեթանոս աստուածներուն նուիրուած արձանները, մեհեաններն ու տաճարները: Պահպանուած են միայն Անահիտի պղնձաձոյլ արձանին գլուխը (որ կը գտնուի Լոնտոնի թանգարանին մէջ) եւ Գառնիի հեթանոսական տաճարը։