ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ

Ներկայիս համակարգիչները նոր են եւ յարաբերաբար փոքր, սակայն առաջին համակարգիչը սենեակի մը մեծութիւնը ունէր եւ կը կոչուէր ENIAC (Electronic Numerical Integrator and Calculator)։ Այս վիթխարի մեքենան ստեղծուած էր 1946-ին Փենսիլվանիա համալսարանի երկու ճարտարագէտներու կողմէ։ Այն շատ դանդաղ էր եւ կը կարօտէր շատ մեծ ելեկտրական ուժի: ENIAC-ը կը գործածուէր միայն համալսարաններու եւ պետական հաստատութիւններու մէջ՝ գլխաւորաբար թուաբանական բարդ հաշիւներ ընելու եւ տեղեկութիւններ ամբարելու համար։

ENIAC-էն աւելի քան դար մը առաջ անգլիացի փրոֆէսոր Չարլզ Պէպպէճ 1830-ական թուականներուն ստեղծած էր գործիք մը, որ կը նկատուի համակարգիչի սկզբունքով աշխատող առաջին սարքը, ուստի Չարլզ Պէպպէճ կը նկատուի համակարգիչի հայրը կամ հնարիչը։

Տարիներու ընթացքին, զանազան գիտնականներու ներդրումով, չափազանց մեծ համակարգիչը հետզհետէ փոքրացաւ եւ սկսաւ տարբեր եւ այլազան հրահանգներ կատարել, որոնք իրեն կը փոխանցուէին զանազան համակարգչային լեզուներով եւ յատուկ ծրագրաւորումով։ 1948-ին առաջին ծրագրաշարը (software) ստեղծուեցաւ Մանչեսթըր համալսարանի գիտնականներու կողմէ։

1974-ը կարեւոր թուական է համակարգիչի պատմութեան մէջ, որովհետեւ այդ տարիէն սկսեալ ունեցանք անձնական համակարգիչներ (PC), որոնք ոչ միայն շատ աւելի փոքր են, այլեւ շատ աւելի գործնական ու արագ, եւ յարաբերաբար շատ նուազ ելեկտրական ուժ կը պահանջեն։

Տարուէ տարի համակարգիչները աւելի կը զարգանան ու կը գործածուին կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ: Այլեւս շատ դժուար է պատկերացնել մեր կեանքը առանց համակարգիչի:

Ըստ քեզի, լա՞ւ է այդ, թէ՞ գէշ...:

Կ'արժէ որ մտածես երկու ազդեցութիւնններուն ալ մասին...: