ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՓՈՒԼԵՐԸ


  • Հայկական երաժշտութիւնը ծագում առած է Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակին, այսինքն մօտաւորապէս չորս հազար տարի առաջ:
  • Հայ պատմիչներու, ինչպէս Մովսէս Խորենացիի եւ Փաւստոս Բիւզանդի շնորհիւ գիտենք, թէ 5-րդ դարուն ունեցած ենք երաժշտական գործիքներ, ինչպէս թմբուկ, սրինգ, քնար եւ շեփոր։
  • 5-րդ դարուն ծագում առած են հայկական շարականները*: Առաջին շարականները գրած են Ս. Մեսորպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս:
  • Հայկական երաժշտութեան հիմնական զարգացումը 10-րդ դարուն կը սկսի, երբ երաժշտական նոր ժանր մը՝ տաղը*, կը ստեղծուի։ Տաղերու գլխաւոր հեղինակներէն են Գրիգոր Նարեկացի (10-րդ դար) եւ Խաչատուր Տարօնեցի (12-րդ դար)։ Հայկական երաժշտութեան զարգացման մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ Ներսէս Շնորհալին (12-րդ դար), որ գրած է բազմաթիւ երգեր, տաղեր եւ շարականներ:
  • 16-րդ դարուն ծագում առած է երաժշտութեան նոր տեսակ մը՝ աշուղական երաժշտութիւնը, որ շարունակուած է մինչեւ 20-րդ դար: Աշուղները ազգային բանաստեղծ-երգիչներ էին, որոնց երաժշտութիւնը հիմնուած էր հայկական ժողովրդական արուեստի բազմադարեայ աւանդութիւններու վրայ։ Յայտնի հայ աշուղներ էին Սայեաթ Նովան, Նաղաշ Յովնաթանը, Ճիւանին, Շերամը եւ Հաւասին։
  • Հայկական դասական երաժշտութիւնը վերելք ապրած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ ձեւաւորուած են առաջին երգչախումբերը, գործիքային համոյթները* եւ սիմֆոնիկ նուագախումբերը։ 1868-ին Տիգրան Չուխաճեանը ստեղծած է հայերէն առաջին օփերան՝ «Արշակ Երկրորդ»-ը։
  • Հայ երաժշտութեան ամենանշանաւոր դէմքը Կոմիտասն է, որ հաւաքած եւ գրառած է 2000 հայկական ժողովրդական երգ։ Որպէս նուիրեալ ուսուցիչ եւ երաժշտական հանճար, ան հսկայական մշակութային ժառանգութիւն ձգած է հայ ժողովուրդին։
  • 20-րդ դարուն սկսած է հայ դասական երաժշտութեան զարգացման նոր շրջանը։ Հանրածանօթ անուններ են Արամ Խաչատուրեան, Առնօ Պապաճանեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ շատ ուրիշներ: Նոյնպէս առաջին ճազային նուագախումբերը ստեղծուած են 20-րդ դարուն։
  • Հիմա ալ կը շարունակուին յօրինուիլ* հայերէն երգեր եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններ, երբեմն դասական, ազգային ոճով, յաճախ ալ արդիական երաժշտական ուղղութիւններու հետեւումով: