ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ՆՈՒՌԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԵՒ ԱՆՄՐՑԵԼԻ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
![](../../Content/images/Articles/health/ed36/img1.png)
Նուռը կը նկատուի ամէնէն առողջարար պտուղներէն։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ նուռին մէջ կան բազմաթիւ օգտակար նիւթեր, որոնք կարելի չէ գտնել այլ պտուղներու մէջ։
Թուենք նուռին օգուտները.
- Նուռը առատօրէն կը պարունակէ կարեւոր սննդանիւթեր, ինչպէս C, E, K կենսանիւթեր, բնասպիտ (protein), բնաթելեր (fibers) եւ potassium։
- Նուռը կը նուազեցնէ բորբոքումը, որ գլխաւոր պատճառներէն է բազմաթիւ հիւանդութիւններու, ինչպէս շաքարախտ, քաղցկեղ, աղիքային հիւանդութիւններ եւ այլն։
- Նուռը կ'օգնէ, որ կիներ պայքարին կուրծքի քաղցկեղի դէմ, իսկ այր մարդիկ՝ փրոսթաթի քաղցկեղի դէմ։
- Նուռը կ'օգնէ նուազեցնելու արեան ճնշումը։
- Նուռը կ'օգնէ պայքարելու յօդային հիւանդութիւններու դէմ։
- Նուռը կը նուազեցնէ սրտի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, որովհետեւ կը բարելաւէ արեան քոլեսթերոլի մակարդակը։
- Նուռը ունի հակաժահրային (antiviral) եւ հակամանրէական (antibacterial) յատկութիւններ։
- Նուռը կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կրնայ պաշտպանել Alzheimer-ի հիւանդութեան դէմ, որովհետեւ հարուստ է antioxidant-ներով։
- Նուռը կ'օգնէ մեր մարզանքին, որովհետեւ կ'աւելցնէ արեան հոսքը՝ ուշացնելով յոգնածութեան զգացումը։
![](../../Content/images/Articles/health/ed36/img2.png)
Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, նուռին վերոյիշեալ օգուտները գիտնալէ ետք, պէտք է նուռի եղանակին անպայման նուռ ուտենք կամ նռան հիւթ խմենք։