ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
Մանուկներու Եւ Պատանիներու Սոնքութիւն (Obesity)
Մանուկներու եւ պատանիներու սոնքութեան կամ չափազանց գիրութեան տոկոսը հետզհետէ կ’աւելնայ աշխարհի տարածքին։ Ըստ վերջին վիճակագրութիւններու, մանուկներու եւ պատանիներու աւելի քան մէկ երրորդը յաւելեալ կշիռք ունի։
Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառը ոչ-առողջարար սննդառութիւնն է, ինչպէս նաեւ շարժումի եւ մարզանքի պակասը։
Ի՞նչ են սոնքութեան հետեւանքները։
- Շաքարախտ եւ արեան գերճնշում. այս հիւանդութիւնները, որոնք նախապէս միայն չափահասներուն յատուկ էին, ներկայիս կը սպառնան պատանիներուն եւ նոյնիսկ՝ մանուկներուն։
- Ոսկրային եւ յօդային հիւանդութիւններ։
- Զանազան տեսակի խլիրդներ (cancer)։
- Հոգեկան հարցեր, ինչպէս վհատութիւն եւ ընկճախտ (depression)։
Սիրելի՛ փոքրիկներ եւ պատանիներ, ինչպէս կը տեսնէք, գիրութիւնը, մանաւանդ չափազանց գիրութիւնը, միայն արտաքին երեւոյթի վերաբերող հարց մը չէ, այլեւ` լուրջ առողջական հարց։ Հետեւաբար պէտք է փորձէք առաջքը առնել չափազանց գիրութեան, գործադրելով հետեւեալ թելադրութիւնները
- Առողջ սննդառութիւն. պէտք է նուազեցնէք կամ սահմանափակէք անուշեղէնի, քաղցր խմիչքներու, տապկուած գետնախնձորի, ՛՛համպրկըրի՛՛ եւ նման ուտելիքներու սպառումը, որոնք կը գիրցնեն, առանց մարմինին անհրաժեշտ սնունդը տալու։
- Շարժում եւ մարզանք. պէտք է նախընտրութիւնը տաք աշխոյժ կեանքի եւ ընկերներու հետ շարժուն խաղեր խաղալու, քան ժամերով համակարգիչին առջեւ գամուած՝ ելեկտրոնային խաղեր խաղալու։ Անշուշտ օգտակար է նաեւ մարզական որեւէ խումբի մաս կազմելը եւ հերթական փորձերու մասնակցիլը։
Ուրեմն սիրելինե՛ր, եթէ գործադրէք վերոնշեալ թելադրութիւնները, վստահ եղէք, որ ո՛չ միայն պիտի չգիրնաք, այլեւ աստիճանաբար պիտի նուազեցնէք ձեր յաւելեալ կշիռքը եւ պիտի ունենաք առողջ ու բարեձեւ մարմին մը։