ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԽՆՁՈՐ ՈՒՏԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդհանրապէս բոլոր պտուղները շատ օգտակար են, եւ բոլորս օրական մի քանի տեսակ պտուղ պէտք է ուտենք, որպէսզի ըլլանք առողջ, բարեձեւ ու աշխուժ։

Այս յօդուածով պիտի ներկայացնենք խնձորին օգուտները։«Օրական խնձոր մը ուտելը բժիշկը հեռու կը պահէ» անգլերէն ասացուածքը ցուցանիշ մըն է խնձորին ունեցած բազմաթիւ օգուտներուն մասին: Իրաւամբ, օրական խնձոր մը ուտողները զանազան հիւանդութիւններէ պաշտպանուած կ'ըլլան։

Թուենք խնձորին ունեցած 8 օգուտները.

  1. Խնձորը շատ սննդարար է, որովհետեւ կը պարունակէ զանազան կենսանիւթեր, ինչպէս vitamin A,B1, B2, B6, եւ E։
  2. Խնձորը կ’օգնէ, որ չգիրնանք, որովհետեւ կը պարունակէ ջուր եւ բնաթելեր (fiber), որոնք մեզ կուշտ կը պահեն եւ պէտք չենք զգար յաւելեալ ուտելու։
  3. Խնձորը օգտակար է մեր սրտին, որովհետեւ կը պարունակէ նիւթեր, որոնք սիրտը առողջ կը պահեն եւ կը կանխարգիլեն կաթուածները։
  4. Խնձորը կ’օգնէ, որ շաքարախտ ունենալու հաւանականութիւնը նուազի։
  5. Խնձորը կ’օգնէ, որ քաղցկեղէ պաշտպանուինք։ Զանազան ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ խնձորը կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը։
  6. Խնձորը կ’օգնէ պայքարելու շնչարգելութեան (asthma) դէմ։
  7. Խնձորը օգտակար է մեր ստամոքսին. անիկա կրնայ դարմանել կարգ մը դեղերու մեր ստամոքսին պատճառած վնասը։
  8. Խնձորը օգտակար է մեր ուղեղին ու յիշողութեան: Խնձոր ուտելով կրնանք պաշտպանել մեր ուղեղը եւ յառաջացած տարիքին յիշողութեան հարցեր չենք ունենար։


Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, վերոյիշեալ բոլոր օգուտներուն համար փորձենք օրական խնձոր մը ուտել. միայն թէ պէտք է գիտնանք, որ խնձորը կեղեւով ուտելը շատ աւելի օգտակար է, ուրեմն փորձենք օրական ամբողջական խնձոր մը ուտել, որպէսզի ըլլանք աւելի առողջ ու բարեձեւ։