ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ԿԵՌԱՍԻՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
Ընդհանրապէս բոլոր պտուղները շատ օգտակար են, եւ բոլորս օրական մի քանի տեսակ պտուղ պէտք է ուտենք, որպէսզի ըլլանք առողջ, բարեձեւ ու աշխուժ։
Այս յօդուածով պիտի կեդրոնանանք կեռասին վրայ, որ ամառնային եղանակի շատ առողջարար պտուղ մըն է եւ ունի բազմաթիւ օգուտներ.
- Կեռասը կ՚օգնէ, որ հանգիստ քնանանք, որովհետեւ կը պարունակէ melatonine հորմոնը, որ կ՚օգնէ քունը կանոնաւորելու։
- Կեռասը մեզ առողջ կը պահէ, որովհետեւ հակաբորբոքային (antiinflammatory) յատկութիւն ունի։
- Կեռասը կ՚օգնէ նուազեցնելու յօդերու ցաւերը։
- Կեռասը կ՚օգնէ նուազեցնելու վատ cholesterol-ը կամ LDL-ը, որ սրտի հիւանդութիւններու գլխաւոր պատճառն է։
- Կեռասը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ (մէկ գաւաթը 100 ջերմուժ), հետեւաբար չի գիրցներ եւ կ՚օգնէ, որ պահենք մեր կշիռքը եւ նոյնիսկ՝ նիհարնանք։
Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, փորձենք կեռասի եղանակին կարելի եղածին չափ կեռաս ուտել, օգտուելու համար անոր բազմաթիւ յատկութիւններէն։