ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Քաֆէինի Ազդեցութիւնը Մանուկներու եւ Պատանիներու Առողջութեան Վրայ

Քաֆէինը գրգռիչ նիւթ մըն է, որ կ՚ազդէ թէ՛ փոքրիկներուն եւ թէ՛ չափահասներուն ջղային դրութեան վրայ։ Քիչ քանակութեամբ սպառելու պարագային, կարելի է աւելի արթուն ու աշխոյժ զգալ։ Սակայն մեծ քանակութեամբ քաֆէինի սպառումը ունի հետեւեալ ժխտական ազդեցութիւնները. 

  • Ջղային վիճակ,

  • Ստամոքսի անհանգստութիւն,

  • Գլխացաւ,

  • Քնանալու դժուարութիւն,

  • Արեան ճնշումի բարձրացում,

  • Մարմնի ջուրի նուազում,

  • Սրտի տրոփումի անկանոնութիւն եւ յաւելում։

  

Քաֆէինը կը գտնուի սուրճի, թէյի, տուրմի եւ սոտաներու կամ կազային խմիչքներու մէջ։Մանուկներու եւ պատանիներու պարագային քաֆէինի վտանգը կը յառաջանայ այս վերջիններէն, որովհետեւ անոնք սուրճ կամ թէյ աւելի քիչ կը խմեն. Անոնց համար քաֆէինի գլխաւոր աղբիւրը կազային խմիչքներն են։

Ստորեւ կը տեսնէք քաֆէինի աղբիւրներու ցանկը իրենց պարունակած քաֆէինի մօտաւոր քանակով։

 

Վերի ցանկին վրայ կարելի է աւելցնել տուրմը, յատկապէս սեւ տուրմը, որուն 100 կրամը կը պարունակէ 40-80մկ. քաֆէին։

Քաֆէինի արտօնուած կամ յանձնարարելի առաւելագոյն քանակը կը տարբերի անձէ-անձ եւ ուսումնասիրութենէ-ուսումնասիրութիւն, սակայն կարելի է սպառումի մօտաւոր քանակ մը թելադրել, պայմանաւ որ ենթական ըլլայ կատարելապէս առողջ եւ չգործածէ դեղեր, որոնք քաֆէին կը պարունակեն։ Ուրեմն 5-12 տարեկան մանուկներու համար ընդունելի կը նկատուի օրական շուրջ 40 մկ., իսկ 13-17 տարեկան պատանիներու համար՝ օրական շուրջ 70 մկ. քաֆէինի սպառումը։

Սիրելիներ, վերոյիշեալ թոյլատրելի քանակը չի նշանակեր թէ դուք ազատօրէն կրնաք խմել օրական մէկ թիթեղ կազային խմիչք, որովհետեւ եթէ անոնց քաֆէինի քանակը արտօնուած է ձեզի համար, սակայն անոնք ունին բազմաթիւ այլ վնասներ, որոնք շատ աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ են ու կը սպառնան ձեր առողջութեան, նաեւ՝ ձեր կշիռքին կամ բարեձեւութեան։ Այս մասին պիտի անդրադառնանք Ե-ՓԹԻԹ-ի յաջորդ համարով։