ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ԽԱՂՈՂԻՆ 13 ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Խաղողը ամէնէն օգտակար պտուղներէն մին կը համարուի, որովհետեւ կը պարունակէ բազմաթիւ սննդարար նիւթեր, որոնք օգտակար են առողջութեան։ Հակառակ քաղցր ըլլալուն, չի բարձրացներ արեան շաքարի մակարդակը։

Թուենք խաղողին 13 օգուտները.

  1. Խաղողը շատ սննդարար է, որովհետեւ հարուստ է C, K, A եւ B6 կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանքային նիւթերով, ինչպէս՝ calcium, magnesium, potassium եւ phosphorus։
  2. Խաղողը, մանաւանդ կարմիրը, կը կանխարգիլէ* բազմաթիւ հիւանդութիւններ, ինչպէս շաքարախտ, սրտի հիւանդութիւններ եւ քաղցկեղ*, որովհետեւ հարուստ է antioxidant-ներով։
  3. Խաղողը կ’իջեցնէ արեան ճնշումը, որովհետեւ հարուստ է potassium-ով։
  4. Խաղողը, մանաւանդ կարմիրը, կը պակսեցնէ արեան վատ cholesterol-ի մակարդակը։
  5. Խաղողը, հակառակ քաղցր ըլլալուն, կը նուազեցնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը։
  6. Խաղողը կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կը պաշտպանեն աչքի հիւանդութիւններու դէմ։
  7. Խաղողը կը բարելաւէ կեդրոնացումը, յիշողութիւնը եւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը։
  8. Խաղողը կը պարունակէ բազմաթիւ նիւթեր, որոնք կարեւոր են ոսկորներու առողջութեան համար, ինչպէս calcium, magnesium, phosphorus եւ K կենսանիւթ։
  9. Խաղողը կը դանդաղեցնէ ծերանալու ընթացքը եւ կ՚երկարէ կեանքը։
  10. Խաղողը կը պարունակէ նիւթեր, որոնք մարմինը կը պաշտպանեն զանազան մանրէներէ(bacteria) եւ ժահրերէ(virus)։
  11. Խաղողը կը մեղմացնէ կարգ մը գերզգայնութիւններ (allergies), որովհետեւ կը պարունակէ բորբոքումի դէմ (anti- inflammatory) նիւթեր։
  12. Խաղողը կը պարունակէ ջուր եւ մանրաթել (fiber), որոնք կ’օգնեն մարսողութեան եւ կը մեղմացնեն պնդութիւնը։
  13. Խաղողը համեղ պտուղ մըն է եւ յաճախ կ’օգտագործուի սննդականոններու (diet) մէջ։


Սիրելինե՛ր, խաղողին այս բոլոր յատկութիւնները գիտնալէ ետք, մեզի կը մնայ խաղողի եղանակին յաճախ խաղող ուտել օգտուելու համար անոր բազմաթիւ յատկութիւններէն։