ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՋՈՒՐ ԽՄԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ջուրը մարդուն ամենէն կենսական սնունդն է, որովհետեւ մեր մարմնին 60-70 տոկոսը ջուրէ բաղկացած է։ Ոեւէ անձ կրնայ մէկ ամիս ապրիլ առանց ուտելու, սակայն հազիւ մէկ շաբաթ կրնայ դիմանալ առանց ջուր խմելու։

Ստորեւ ձեզի կը փոխանցենք ջուր խմելու գլխաւոր օգուտները.

  1. Ջուրը կ’օգնէ արեան կանոնաւոր շրջագայութեան։

Երբ ջուր խմենք, թթուածինի* մակարդակը կ’աւելնայ արեան մէջ, ինչ որ կ’օգնէ արեան աւելի լաւ շրջանառումին, հետեւաբար կ’աւելցնէ մեր կորովը։

  1. Ջուրը կ’օգնէ մարմնի իւղերը այրելու։

Շատ ջուր խմելըկը հալեցնէ մեր մարմնին իւղերը եւ կ’օգնէ, որ չգիրնանք եւ ունենանք բարեձեւ մարմին։

  1. Այլ խմիչքներ չեն կրնար փոխարինել ջուրը։

Այլ խմիչքներ, մանաւանդ կազային խմիչքները, ո՛չ միայն չեն փոխարիներ ջուրը, այլ անոնց մէջի քաֆէինը, որ միզեցուցիչ յատկութիւն ունի, պատճառ կը դառնայ, որ մարմնին ջուրը աւելի պակսի։ Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, զգո՛յշ, ջուրի փոխարէն կազային խմիչք խմելէ։

  1. Ջուրի պակասը յոգնածութիւն կը պատճառէ։

Եթէ բաւարար ջուր չխմենք, ամբողջ օրը յոգնած պիտի զգանք։ Հետեւաբար, օրական 8-10 գաւաթ ջուր խմելը անհրաժեշտ է, որ ունենանք բաւարար ոյժ ու կորով։

  1. Ջուրը կ’օգնէ, որ մարմնի թոյները դուրս գան։

Երիկամունքները զտիչ դեր ունին մարմնին մէջ, սակայն անոնք լաւ աշխատելու համար բաւարար ջուրի պէտք ունին։

Ջուրի վերոյիշեալ եւ այլ յատկութիւններուն պատճառով, կրնանք ըսել, թէ ջուր խմելը անհրաժեշտ է առողջ ապրելու համար։

Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, այսուհետեւ փորձեցէ՛ք օրական նուազագոյնը 8-10 գաւաթ ջուր խմել, որպէսզի ըլլաք առողջ եւ աշխոյժ եւ ունենաք անհրաժեշտ ոյժն ու կորովը սորվելու ձեր դասերը եւ հետեւելու մարզական թէ այլ բնոյթի գործունէութիւններու։