ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ՊԱՆԱՆԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
Ընդհանրապէս բոլոր պտուղները շատ օգտակար են եւ պէտք է բոլորս օրական մի քանի տեսակ պտուղ ուտենք, որպէսզի ըլլանք առողջ, բարեձեւ ու աշխոյժ։
Այս յօդուածով պիտի կեդրոնանանք պանանին ունեցած օգուտներուն վրայ եւ պիտի թուենք պանանին հիմնական 8 օգուտները.
- Պանանը հարուստ է բնաթելերով (fibres), ուստի կ’օգնէ որ կուշտ զգանք եւ պահանջը չզգանք շատ ուտելու։
- Պանանը դիւրամարս է եւ յատկապէս փոքրերուն յարմար է, որովհետեւ անոնց մարսողական համակարգը զարգացած չ’ըլլար։
- Պանանը հարուստ է կենսանիւթերով (vitamins), նաեւ կը պարունակէ զանազան տեսակի հանքային նիւթեր (calcium, potassium, magnesium եւ այլն), որոնք անհրաժեշտ են առողջութեան համար։
- Պանանը կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը, որովհետեւ քիչ աղ եւ շատ փոթասիում կը պարունակէ, ինչ որ լաւագոյն բաղադրութիւնն է արեան ճնշումին կարգաւորումին համար։ Նաեւ պանանը կը կանխարգիլէ* կամ կը նուազեցնէ սրտային հիւանդութիւններու յառաջացումը։
- Պանանը օգտակար է մեր ոսկորներուն համար եւ կ’օգնէ որ ունենանք զօրաւոր ոսկորներ։
- Պանանը, ստեպղինին պէս օգտակար է մեր տեսողութեան համար։
- Պանանը կը կանխարգիլէ արիւնատութիւնը (anaemia), որովհետեւ հարուստ է երկաթով, որ անհրաժեշտ է արեան կարմիր գնդիկներու կազմութեան համար։
- Պանանը կ’աւելցնէ մեր ուղեղին կարողականութիւնը, նաեւ կը զօրացնէ մեր կեդրոնացումի կարողութիւնը։
![](../../Content/images/articles/health/ed22/img2.jpg)
![](../../Content/images/articles/health/ed22/img3.jpg)
Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, վերոյիշեալ բոլոր օգուտներուն համար անհրաժեշտ է, որ օրական նուազագոյնը պանան մը ուտենք, որպէսզի առողջ ըլլանք եւ կանխարգիլենք զանազան բնոյթի հիւանդութիւններ։