ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՄԱՐԶԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ 

 

  • Մարզանքը եւ մարզական խաղերը շատ կարեւոր են մեր կեանքին մէջ։ Մարզանքը կ'օգնէ, որ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ միտքով զօրաւոր ու առողջ ըլլանք։

  • Մարզանքը առողջ սիրտ ունենալու լաւագոյն միջոցն է, որովհետեւ կ'օգնէ, որ սպառենք մարմնին մէջ կուտակուած ճարպը* եւ կը նուազեցնէ արեան քոլեսթերոլի մակարդակը։ Հակառակ որ սրտանօթային հիւանդութիւնները յարաբերաբար քիչ են մանուկներու եւ պատանիներու մօտ, սակայն ընկերային ցանցերու կամ համակարգչային խաղերու պատճառով մանուկներ եւ պատանիներ երկա՜ր ժամեր կ'անցընեն առանց շարժելու, ինչ որ հետզհետէ կ'աւելցնէ անոնց կշիռքը եւ առողջական հարցեր ունենալու հաւանականութիւնը։

  • Մարզական խաղերը կ'օգնեն, որ մանուկներ ու պատանիներ կարգ-կանոնի վարժուին, որովհետեւ փորձերու կամ մրցումներու ընթացքին օրէնքներ կան, որոնք պէտք է անպայմանօրէն յարգուին բոլոր մարզիկներուն կողմէ։ Մարզիկներ նաեւ կը վարժուին դիմագրաւելու* դժուարութիւններ եւ շուտով չեն յուսահատիր արգելքներու առջեւ։ Շատ մարզական խաղեր կ'օգնեն որ մեր մէջ զարգանայ խմբային աշխատանք կատարելու եւ ուրիշներու հետ դիւրաւ գործակցելու հմտութիւնը*:

  • Մէկ խօսքով, մարզանքը եւ մարզական խաղերը կը նպաստեն մանուկներու եւ պատանիներու նկարագիրը կերտելու եւ առողջութիւնը բարելաւելու: