ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Ինչպէս  Պաշտպանուիլ  Արեւուն  Ճառագայթներէն

 

Սիրելինե՛ր, ամառուան արձակուրդին ընթացքին ձեզմէ շատեր կը սիրեն ծովափ երթալ, լողալ, կամ պարզապէս պառկիլ արեւուն տակ. այս բոլորը մեծապէս օգտակար եւ հաճելի են, սակայն պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլաք արեւուն ճառագայթներուն վնասներէն եւ փորձէք՝ պաշտպանուիլ անոնցմէ։

Արեւը ունի անդրմանիշակագոյն (UV, ultraviolet) ճառագայթներ, որոնք մորթին կը պատճառեն կանխահաս* ծերութիւն, կնճիռներ եւ յատկապէս մորթի քաղցկեղ

Պաշտպանուելու համար արեւուն վնասակար ճառագայթներէն, պէտք է նկատի ունենաք հետեւեալ թելադրութիւնները.

  • Երբ ծովափն էք եւ ջուրէն դուրս էք, պէտք է շուքին նստիք եւ խուսափիք երկար ժամեր արեւուն ճառագայթներուն տակ մնալէ։ 

  • Պէտք է արեւէն պաշտպանող յատուկ սերեր կամ քսուքներ* գործածէք, որ ըլլան աւելի քան 30 SPF(sun protection factor)։ 

  • Առնուազն երկու ժամը անգամ մը պէտք է նորոգէք սերը/քսուքը. պէտք է նորոգէք զայն, նաեւ երբ ջուրէն դուրս գաք, որովհետեւ ջուրը կը չեզոքացնէ անոր ազդեցութիւնը։

  • Պէտք է լայն գլխարկ գործածէք, որ կը պաշտպանէ նաեւ դէմքն ու վիզը։

  • Պէտք է արեւու ակնոցներ գործածէք, որոնք ունենան արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանելու յատկութիւն։

Սիրելինե՛ր, փորձեցէք հետեւիլ վերոյիշեալ թելադրութիւններուն եւ գործադրել զանոնք, որպէսզի նուազագոյնի իջեցնէք արեւուն ճառագայթներուն պատճառած վնասները։

Անվտանգ եւ հաճելի ամառ կը մաղթենք ձեզի։