ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՏՈՒՐՄԸ ՕԳՏԱԿԱ՞Ր, ԹԷ՞ ՎՆԱՍԱԿԱՐ

 

Ո՞վ չի սիրեր տուրմ ուտել։ Տուրմը ներկայ է բոլոր տօներուն եւ առիթներուն՝ Կաղանդ, Զատիկ, կնունք, նշանախօսութիւն եւ հարսանիք։

Տուրմը կու գայ քաքաոյի ծառէն (տուրմենի), որ կը բուսնի հասարակած գիծին շուրջ գտնուող շրջաններու մէջ ինչպէս՝ Ղանա, Փղոսկրեայ Ափունք, Պրազիլ, Քոլոմպիա, Էքուատոր եւ այլն։ Քաքաոյի ծառը շուրջ հինգ տարի կ’ուզէ, որ պտուղ տայ։ Ան մեծ պտուղներ կ’արտադրէ, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ կ’ըլլան քաքաոյի մանիշակագոյն կամ մոխրագոյն տասնեակ հատիկներ, որոնք չորցուելէ եւ մշակուելէ ետք կը ստանան տուրմին սրճագոյն գոյնը։

Սկզբնական շրջանին քաքաոյի հատիկները կ’օգտագործուէին հեղուկ խմիչք պատրաստելու համար: Բնիկները այդ խմիչքը կը կոչէին չոքոլաթլ (ուրկէ եկած է տուրմին անունը): Միայն 19-րդ դարու կէսերուն է, որ հատիկներէն սկսան պատրաստել մեզի ծանօթ պինդ ուտելիքը, թէեւ տուրմը մինչեւ այսօր կ’օգտագործուի նաեւ իբր հաճելի հեղուկ խմիչք։

Տուրմը հետեւեալ օգուտները ունի մեր առողջութեան համար.

  1. Այն կը նպաստէ ուղեղին գործունէութեան, որովհետեւ կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կը բարելաւեն կեդրոնացումը, ինչպէս նաեւ յիշողութիւնը։
  2. Յատկապէս իր բնական վիճակին մէջ (այն որ «դառն» կամ «սեւ» տուրմ կը կոչուի) տուրմը օգտակար է արեան ճնշումէ, սրտանօթային հիւանդութիւններէ եւ շաքարախտէ տառապող հիւանդներուն, որովհետեւ կը պարունակէ antioxidant-ներ, որոնք կը նուազեցնեն վատ քոլեսթերոլը եւ կը բարելաւեն մարմնին դիմադրողական ուժը։
  3. Տուրմը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը։ Զանազան ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մարդիկ երբ տխուր կամ ընկճուած ըլլան, տուրմ կ’ուտեն, որովհետեւ այն կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կը բարձրացնեն ուղեղին endorphin-ը եւ ուրախութիւն ու հանգստութիւն կը պարգեւեն։

Վերոյիշեալ օգուտներուն կողքին տուրմը, յատկապէս քաղցր տուրմը, ունի որոշ վնասներ մեր առողջութեան, որովհետեւ կրնայ պատճառել

  1. Ակռաներու փտուք, որովհետեւ եթէ յաճախ քաղցր տուրմ ուտենք, անոր պարունակած շաքարը մեր ակռաներուն կը վնասէ։
  2. Սոնքութիւն (obesity), որովհետեւ քաղցր տուրմը կը պարունակէ բաւական բարձր ջերմուժ, եւ եթէ յաճախ քաղցր տուրմ ուտենք, յաւելեալ կշիռք կը ստանանք եւ կրնանք սոնքութեան հասնիլ։

Եզրակացնելու համար, սիրելինե՛ր, դառն կամ սեւ տուրմը օգտակար է մեր առողջութեան, իսկ քաղցր տուրմը ունի վնասներ, որոնցմէ խուսափելու համար պէտք է քիչ քանակութեամբ սպառենք։