ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Կազային Ըմպելիներու* Վնասները Առողջութեան եւ Բարեձեւութեան

   Նկարին խմիչքը կամ անոր նմանները կը սիրէ՞ք. եթէ այո՛ է ձեր պատասխանը, ուրեմն այս էջերը պէտք է լաւ կարդաք, գիտնալու համար այդ խմիչքներուն բազմակողմանի* վնասները։

   Ուրեմն թուենք գլխաւոր վնասները։

  1. Սոնքութիւն կամ չափազանց գիրութիւն։

Կազային խմիչքները շատ բարձր քանակութեամբ շաքար կը պարունակեն (իւրաքանչիւր գաւաթի մէջ շուրջ 10 թէյի դգալ շաքար)։ Այդ պատճառով կը յառաջացնեն սոնքութիւն։ Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, այն փոքրիկները, որոնք օրական մէկ թիթեղ (330 մլ.) կազային խմիչք կը խմեն, 60 տոկոս հաւանականութիւն ունին սոնք ըլլալու։ Սոնքութեան հետեւանքները միայն արտաքին տեսքին կամ բարեձեւութեան չեն վնասեր, այլեւ առողջական լուրջ հարցեր կը պատճառեն, ինչպէս շաքարախտ, սրտի հիւանդութիւն եւ նոյնիսկ քաղցկեղ կամ խլիրդ։

  1. Շաքարախտ

Օրական կամ յաճախակի կազային խմիչքներու սպառումը պատճառ կրնայ դառնալ շաքարախտի, որովհետեւ սոյն խմիչքներուն մէջ գործածուած քաղցրացնող նիւթերը շաքարախտ կրնան յառաջացնել։

  1. Սրտի հիւանդութիւն

Նկատի ունենալով որ կազային խմիչքներու սպառումը յաւելեալ շաքար, հետեւաբար` յաւելեալ ջերմոյժ կու տայ մարմնին, ինչպէս նաեւ անոնց քաֆէինի պարունակութիւնը, պատճառ կրնան դառնալ արեան բարձր ճնշումի եւ սրտի հիւանդութիւններու։

  1. Ակռաներու փտութիւն կամ փտուկ

Կազային խմիչքներու յաճախակի սպառումը պատճառ կը դառնայ ակռաներու փտուկի, որովհետեւ ոեւէ անձի բերնին մէջ կան մանրէներ, որոնք շաքարով կը սնանին ու կը բազմանան եւ «ասիտ» կ’արտադրեն, հետեւաբար կը փտեցնեն ակռաները։ Կազային խմիչքներու պարունակած «ասիտ»ը պատճառ կ՛ըլլայ նաեւ որ մարմինը չկարենայ կիր ներծծել, ինչ որ տարիներու ընթացքին ոսկորներու խտութիւնը կը պակսեցնէ եւ կը տկարացնէ զանոնք։ 

   Վերոյիշեալ վնասներուն վրայ կ’աւելնան անուղղակի վնասներ, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ երբ մանուկ մը կամ պատանի մը շատ կազային խմիչքներ խմէ, մարմնին անհրաժեշտ սնունդ տուող օգտակար խմիչքներ` ինչպէս կաթ, ջուր կամ թարմ պտուղի հիւթեր քիչ կը խմէ։

   Գալով կազային խմիչքներու  «diet» տարբերակին, անոնք, հակառակ որ քիչ ջերմոյժ պարունակելով յաւելեալ կշիռք կամ սոնքութիւն յառաջացնելու անպատեհութիւնը չունին, սակայն առողջութեան եւ ակռաներու վերաբերող բոլոր վնասները ունին։ Առաւել, անոնց պարունակած արհեստական «շաքարը» առողջական լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել։ 

   Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, կը յուսանք որ վերի տողերը կարդալէ ետք կը փորձէք հետզհետէ նուազեցնել սոյն վնասակար խմիչքներուն սպառումը եւ զանոնք կը փոխարինէք օգտակար խմիչքներով, ինչպէս կաթ, ջուր կամ զանազան թարմ պտուղներու հիւթեր։  Իսկ եթէ յաջողիք ամբողջովին հրաժարիլ կազային ըմպելիներէն, ապա շատ աւելի շնորհաւորելի եւ օգտակար քայլ մը առած կ՚ըլլաք։ Քիչ մը կամքով, կրնաք յաջողիլ։ Փորձեցէ՛ք։