ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ՆԱՐԻՆՋԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
Բոլոր պտուղները շատ օգտակար են եւ բոլորս պէտք է օրական մի քանի տեսակ պտուղ ուտենք, որպէսզի ըլլանք առողջ, բարեձեւ ու աշխոյժ։
Այս յօդուածով պիտի ներկայացնենք նարինջին 10 օգուտները։
- Նարինջը հարուստ է C կենսանիւթով, որ անհրաժեշտ է կանխարգիլելու հարբուխը, ինչպէս նաեւ ականջի բորբոքումը, որովհետեւ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողական ուժը։
- Նարինջը հարուստ է antioxidant-ներով, որոնք անհրաժեշտ են մորթը պաշտպանելու ծերացումէ։ Օրական մէկ նարինջը կ’օգնէ, որ մարդիկ երիտասարդ երեւին՝ նոյնիսկ յառաջացած տարիքի մէջ։
- Նարինջը կը պարունակէ magnesium, որ կ’օգնէ արեան ճնշումը հաւասարակշռելու։
- Նարինջը կը նուազեցնէ արեան cholesterol-ի մակարդակը՝ նոյնիսկ շատ մը դեղահատերէ աւելի։
- Նարինջը կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը, յատկապէս՝ թոքի, մաշկի, կուրծքի, ստամոքսի եւ աղիքի։
- Նարինջը կը կանխարգիլէ երիկամունքի քարերու կազմութիւնը, որովհետեւ կը պարունակէ potassium-ի բարձր մակարդակ։
- Նարինջը կը պարունակէ A կենսանիւթը, որ անհրաժեշտ է աչքի առողջութեան համար: Տարիքի հետեւանքով յառաջացած աչքի հարցերու լաւ բուժում է նարինջը։
- Նարինջը կը կանխարգիլէ պնդութիւնը, որովհետեւ կը պարունակէ բնաթելեր, որոնք կ’օգնեն ստամոքսի ու աղիքներու հեզասահ աշխատանքին։
- Նարինջը կը կանոնաւորէ արեան շաքարի մակարդակը։ Fructose-ը կամ բնական շաքարը, որ կը գտնուի նարինջին մէջ, կ’արգիլէ, որ արեան շաքարի մակարդակը բարձրանայ։
- Նարինջը կարեւոր է սրտի առողջութեան համար։ Նարինջին պարունակած potassium-ը կ’օգնէ, որ սիրտը արիւն մատակարարէ մարմնին։
Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, վերոյիշեալ բոլոր օգուտներուն համար փորձենք նարինջի եղանակին օրական նարինջ մը ուտել, օգտուելու համար անոր բազմաթիւ յատկութիւններէն։