ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
ՓՈՐՈՏԻՔԴ (GUT) ՈՒՐԱԽ ՊԱՀԷ
Փորոտիքը կազմուած է մարմնի այն մասերէն, որոնք մարսողական համակարգին մաս կը կազմեն, ինչպէս ստամոքսը, բարակ աղիքները եւ հաստ աղիքը։ Փորոտիքը կը պարունակէ 200-է աւելի մանրէներ եւ սունկեր (fungi), որոնք կը կոչուին նախակենսային՝ (probiotics), որոնք մեր կերածները կը վերածեն սնունդի։ Առանց նախակենսայինի, փորոտիքը հակամէտ կ’ըլլայ հիւանդութիւններու եւ ժահրերու, ուստի պէտք է մեր փորոտիքը առողջ պահենք, արգիլելու համար այդ բարդութիւնները։
Ինչպէս կրնանք փորոտիքը առողջ, իսկ մանրէները ուրախ պահել։ Սա կարելի է սննդականոնի եւ ապրելակերպի փոփոխութիւններով։ Շատ կարեւոր է, որ մեր սնունդը լեցուն ըլլայ մանրաթելերով (fiber), որոնք կը գտնուին առաւելաբար պտուղներու եւ բանջարեղէններու մէջ։
Չիյա (chia) հունտերը շատ հարուստ են մանրաթելերով: Մանրաթելերը կարեւոր են փորոտիքի մանրէներուն համար, որովհետեւ անոնց կենսուժն են։ Անոնք «կը սնուին» միայն մանրաթելով, ուստի սնունդի այլ տեսակներ՝ պիտի չօգտեն անոնց: