ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼԵՐԸ


Անցեալին, մանուկներ զանազան երկիրներու մէջ զուրկ էին մարդկային հիմնական իրաւունքներէ եւ կ'ենթարկուէին անմարդկային վերաբերմունքի, բռնութեան եւ շահագործումի։ Այժմ ալ, կարգ մը երկիրներու մէջ այդ գէշ վերաբերմունքը կը շարունակուի:

Վերջ տալու համար այդ վատ վիճակին, 19-րդ դարուն ծնունդ առաւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գաղափարը։

Առաջին գործնական քայլը առնուեցաւ 1925-ին Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ, ուր միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Զարգացած երկիրներու մէջ անմիջապէս քայլեր առնուեցան բարելաւելու համար մանուկներու կեանքի պայմանները եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները, իսկ թերզարգացած* երկիրներու նիւթական միջոցներ տրամադրուեցան, յատկապէս դադրեցնելու համար մանուկներու աշխատանքը եւ ապահովելու անոնց ուսումնառութիւնն ու բժշկական խնամքը։

1949 Նոյեմբեր 4-ին Փարիզի մէջ Կանանց միջազգային դեմոկրատական միութեան կողմէ որոշուեցաւ Յունիս 1-ը որդեգրել իբրեւ Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օր։

1959 Նոյեմբեր 20-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) որդեգրեց մանուկներու (18-էն վար անձերու) իրաւունքի հռչակագիրը (declaration), որով կարգ մը երկիրներ փոխան Յունիս 1-ի, Նոյեմբեր 20-ին կը նշեն Մանուկներու օրը։

1989-ին ՄԱԿ-ը որդեգրեց Մանուկներու իրաւունքի պայմանագիրը (convention), որ ի տարբերութիւն հռչակագիրին, կը պարտաւորեցնէր ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները յարգելու պայմանագիրին  մէջ նշուած մանուկներու իրաւունքներու վերաբերող բազմաթիւ կէտերը։