ԳԻՏԵ՞Ս ՄՇՏԱԴԱԼԱՐ ԾԱՌԵՐԸ
Հաւանաբար վարի խումբէն 2-3 ծառի անուն գիտես. վստահաբար մի քանին տեսած ալ ես, նոյնիսկ եթէ ֆիլմերու մէջ կամ նկարով: Ահա առիթ մը, որ ծառին անունը միացնելով ճիշդ նկարին կարենաս սորվիլ ո՛չ միայն մշտադալար ծառերուն անունները, այլեւ ճանչնաս նաեւ զանոնք: Կը պատկերացնե՞ս ծնողքիդ հիացումը, երբ յաջորդ պտոյտին տեսնես ծառ մը եւ անոր անունը ըսես երկու լեզուով...: