ԳԻՏԵ՞Ս ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆԸ


«Արուեստը հայրենիք եւ ազգութիւն չունի» խօսքը լսա՞ծ էք: Սա կը նշանակէ, թէ որեւէ ազգի պատկանող արուեստագէտի ստեղծագործութիւնը նոյնքան կը վայելեն ու կը գնահատեն այլ ազգերու պատկանող մարդիկ: Վարը պիտի գտնէք անունները խումբ մը համաշխարհային ճանաչում ունեցող նկարիչներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն դուրս ծնած եւ ստեղծագործած հայ նկարիչներու: Եկէք գիտնանք, թէ անոնք ո՞ր ազգի ծնունդ են կամ եթէ հայ են՝ ու՛ր ապրած են: Ձախ սիւնակի իւրաքանչիւր նկարիչ միացուցէք աջ սիւնակի համապատասխան ազգութեան: