ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏՆԵՐԸ ԳԻՏԵ՞Ս
Հայերէնի մէջ կան բազմաթիւ թեւաւոր կամ պատկերաւոր խօսքեր, որոնցմէ ընտրած ենք ութ հատ։ Փորձէ՛ առաջին սիւնակի պատկերաւոր խօսքը միացնել երկրորդ սիւնակի իր իմաստին։ Խօսակցութեան ընթացքին ջանայ գործածել ասոնք, եւ պիտի տեսնես, թէ խօսքդ որքան հարուստ եւ տպաւորիչ պիտի ըլլայ: