ՊԱՀՈՒԱԾ ԲԱՌԸ
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Արդեօ՞ք այս բոլոր մայրաքաղաքներուն անունը լսած ես: Վստահաբար մի քանին անպայման գիտես, նոյնիսկ կրնաս ըսել, թէ ո՛ր երկրին մայրաքաղաքն են, բայց միւսները...:
Ահաւասիկ լաւ առիթ աշխարհագրական հորիզոնդ ընդլայնելու: Ուրեմն սկսիր տուեալ մայրաքաղաքները ջնջելով ցանցին մէջ, ապա մնացեալ տառերով կազմելով պահուած բառը։
Յիշէ, որ բառերը կրնաս ջնջել հորիզոնական շարքերու եւ ուղղահայեաց սիւնակներու վրայ, երկու ուղղութեամբ։ Մի մոռնար նաեւ, թէ իւրաքանչիւր տառ միայն մէկ անգամ կրնաս օգտագործել։
Վերջացնելէ ետք, պահուած բառը գտիր եւ տեղադրէ վարի տուփիկին մէջ։ Գիտե՞ս այդ բառին նշանակութիւնը...