ԿՐՆԱ՞Ս ԳՈՒՇԱԿԵԼ


«Տես Խօսքերդ»

ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը, նպատակ ունենալով հայերէնի ասացուածքները կամ պատկերաւոր խօսքերը ծանօթացնել իր մանուկ թէ պատանի ընթերցողներուն, պարբերաբար կը ներկայացնէ երգիծանկար մը առնուած մեծ երգիծանկարիչ Սարուխանի «Տես Խօսքերդ» գիրքէն։ Իւրաքանչիւր նկար կը ներկայացնէ ասացուածք մը կամ պատկերաւոր խօսք մը։
 
Տրուած է երկու նկար։ Առաջին նկարին պատկերաւոր խօսքը տրուած է իբրեւ օրինակ։
Փորձեցէ'ք գուշակել երկրորդը