ՇԱՐՔԻՆ ՉՅԱՐՄԱՐՈՂ ԲԱՌԸ


Ահաւասիկ առիթ մը գտնելու փախստական բառը: Այո՛, երբեմն բառերն ալ կը սիրեն խաղ խաղալ մեր գլխուն եւ կը պահուըտին այլ բառերու մէջ, նոյնիսկ կը փորձեն նմանիլ անոնց: Վարը բառեր կան, որոնք փախած են իրենց սենեակէն ու պահուըտած այլ վայրերու մէջ: Տեսնենք, որքա՜ն ճարպիկ ոստիկաններ ենք, եւ որքա՜ն արագ պիտի գտնենք այդ փախստական բառերը:
Կրնա՞ս գտնել շարքին չյարմարող բառը եւ ըսել, թէ ինչու՛ հոն պէտք չէ ըլլան։


սենեակ
խոհանոց
պատշգամ
կառատուն
 
պահարան
հայելի
սառնարան
մահճակալ
 
անկողին
վարագոյր
բարձ
սաւան
 
լուացարան
բազկաթոռ
վարագոյր
լուսամփոփ
 
սառնարան
մանրալիք
պահարան
մահճակալ