ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ


Հետեւեալ հարցումները մոլորակներուն մասին են: Թերեւս դժուար թուի, բայց չէ՞ որ հաւանական պատասխանները փորձելով կրնաս գտնել ճիշդը:

Օ՛ն ուրեմն, ապա տեսնենք, թէ իւրաքանչիւրին ճիշդ պատասխանը քանի՞երորդ փորձին պիտի գտնես:


Ո՞րն է արեւուն ամէնէն մօտ մոլորակը։

ա - Հրատ
բ – Փայլածու
գ - Երկիր

Ո՞րն է ամէնէն մեծ մոլորակը։

ա – Լուսնթագ
բ - Արուսեակ
գ - Նեփթիւն

Ո՞րն է ամէնէն տաք մոլորակը։

ա - Հրատ
բ – Փայլածու
գ - Արուսեակ

Ո՞րն է ամէնէն պաղ մոլորակը։

ա - Նեփթիւն
բ – Ուրանոս
գ- Լուսնթագ

Ո՞րն է երկրին ամէնէն մօտ մոլորակը։

ա - Հրատ
բ - Արուսեակ
գ - Երեւակ

Ո՞րն է ամէնէն փոքր մոլորակը։

ա - Փայլածու
բ - Երեւակ
գ - Երկիր