ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՔԱՌԱԿՈՒՍԻՆ



Այո՛, ճիշդ կարդացիր: Միայն անտառները, գաւազանները եւ գլխարկները չեն որ կախարդական կ'ըլլան: Կախարդական կը կոչուին այն քառակուսիները, որոնց թէ՛ հորիզոնական, թէ՛ ուղղահայեաց, թէ՛ շեղակի շարքերուն գումարը հաւասար է։


Ուրեմն. վերի օրինակին իւրաքանչիւր շարքի թիւերը ինչպէս ալ գումարես, արդիւնքը 15 է: Նոյնը փորձէ՛ հետեւեալ կախարդական քառակուսիին մէջ. պարապ տուփիկները ամբողջացուր յարմար թիւերով, որպէսզի հորիզոնական, ուղղահայեաց եւ շեղակի շարքերուն գումարը հաւասարի 66-ի։ Ապրա՜ քատապրա՛…