ԳԻՏԵ՞Ս ԱԶԳԱԿԱՆԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ


Հայերէնի հարստութիւններէն մին ընտանիքի անդամներու յարաբերութիւնը բնորոշող անուններն են: Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ ունինք այդ մարդիկը, բայց միշտ չէ, որ գիտենք, ինչպէ՛ս բնորոշել մեր կապը: Ուստի, ձախ սիւնակի իւրաքանչիւր բառը միացո՛ւր աջ սիւնակի իր համապատասխան բացատրութեան, հասկնալու համար այդ կապերուն բնոյթը:

Ծոռ
Թոռնիկ/թոռնուհի
Քենի
Քենեկալ
Քեռորդի
Քեռկին
Քերայր
Զարմիկ/զարմուհի
Տալ/տագր
Կնոջ քոյրը
Կնոջ քրոջ ամուսինը
Թոռան զաւակը
Զաւակին զաւակը
Ամուսինին քոյրը/ եղբայրը
Քրոջ զաւակը
Մօրեղբօր կինը
Մօրաքրոջ կամ հօրաքրոջ ամուսինը
Մօրաքրոջ, հօրաքրոջ, մօրեղբօր կամ հօրեղբօր որդին/ դուստրը