ԳԻՏԵ՞Ս ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ


Գարունը շատ-շատերու ամէնէն սիրած եղանակն է: Ասոր պատճառները շա՜տ են. մեղմ եւ հաճելի եղանակը, բնութեան զարթօնքը եւ այլն: Կարեւոր պատճառ մըն է նաեւ բնութեան մէջ գոյներու, երանգներու զանազանութիւնը եւ պարտէզներէ ու դաշտերէ տարածուող անուշ բոյրը, որոնք կը պարտինք բուրումնաւէտ ու գոյնզգոյն ծաղիկներուն, ըլլան անոնք մշակուած՝ յատուկ պարտէզներու մէջ, ըլլան՝ վայրի՝ տարածուած ազատ բնութեան մէջ:

Եկէք խաղալով սորվինք մի քանի ծաղիկի հայերէն անունները, բառերը միացնելով նկարին։


ԿԱԿԱՉ
ՅԱԿԻՆԹ
ԽՈԿԻԿ
ՄԱՐԳԱՐՏԱԾԱՂԻԿ
ԳԵՐՄԱՍՏ
ՀԻՐԻԿ
ԱՂԱՒՆԱՅԻՆ
ՆԱՐԳԻԶ