ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՔԱՌԱԿՈՒՍԻՆ



Այո՛, ճիշդ կարդացիր: Միայն անտառները, գաւազանները եւ գլխարկները չեն որ կախարդական կ'ըլլան: Կախարդական կը կոչուին այն քառակուսիները, որոնց թէ՛ հորիզոնական, թէ՛ ուղղահայեաց, թէ՛ շեղակի շարքերուն գումարը հաւասար է։


Վերի օրինակին իւրաքանչիւր շարքի թիւերուն գումարը 15 է: Փորձէ՛ հետեւեալ կախարդական քառակուսին ամբողջացնել յարմար թիւերով, որպէսզի հորիզոնական, ուղղահայեաց եւ շեղակի շարքերուն գումարը հաւասարի 60-ի։