ԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ


Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները բարեկամութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն կամ կարծիք կը պարունակեն: Փորձէ իւրաքանչիւր հարցումի 3 հաւանական պատասխաններէն ընտրել ճիշդը։


ՄԱԿ-ի կողմէ ո՞ր թուականը որոշուած է իբրեւ Համաշխարհային Բարեկամութեան Օր։

ա – 30 Յունիս
բ – 30 Յուլիս
գ – 30 Օգոստոս

Բարեկամութիւնը ի՞նչ ձեւով կ'ազդէ մեր առողջութեան վրայ։

ա – Դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ։
բ – Ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ։
գ – Ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ։

Գործի ասպարէզի մէջ բարեկամութիւնը ի՞նչ ձեւով կ'ազդէ աշխատանքի արդիւնքին վրայ։

ա – Դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ։
բ – Ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ։
գ – Ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ։

Ո՞ր կենդանիները բարեկամներ կ'ունենան տարբեր տեսակի կենդանիներու հետ։

ա – Սողունները, թռչունները եւ ձուկերը։
բ – Շուները, ոչխարները եւ խոզերը։
գ – Կապիկները, ձիերը եւ փիղերը։

Վերջին տարիներուն իրական բարեկամ չունեցողներու թիւը ի՞նչ ձեւով փոխուած է։

ա – Շատ պակսած է ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու պատճառով։
բ – Կրկնապատկուած է։
գ – Չէ փոխուած։