ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
ԽԵԼԱԽՕՍԸ ԿԱՄ ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
ՓԹԻԹ-ի այս թարմացումին նիւթը խելախօսը կամ խելացի հեռաձայնն է։
Կարդալ ամբողջութեամբԾԵՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
Օր մը ծեր մարդ մը իր բջիջային հեռաձայնը մօտակայ հեռաձայն նորոգողին կը տանի եւ կ'ըսէ. –Մի քանի ամիս առաջ գնեցի այս հեռաձայնը եւ արդէն աւրուեցաւ. հեռաձայն չեմ կրնար ստանալ։ Խնդրեմ նորոգէ, այլապէս ստիպուած նոր հեռաձայն մը պիտի գնեմ։
Կարդալ ամբողջութեամբՊԱՏՄԱԿԱՆ ԽԱՂ
Ամենապարզ հեռաձայնէն մինչեւ ամէնէն արդիական խելախօսը, այդ գործիքը երկա՜ր պատմութիւն ունի: Սորվինք այդ ընթացքին կարեւոր փուլերը:
ԽաղալԽԱՉԲԱՌ ԽԵԼԱԽՕՍԻ ԸՆՁԵՌԱԾ ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
Խելախօսին առնչուած բառերը տեղադրէ՛ խաչբառին մէջ։ Ապա տեսնենք, թէ խելախօսը ինչի կը ծառայէ: Իսկ դուն ամէնէն շատ, ի՞նչը կը գործածես:
ԽաղալՊԱՀՈՒԱԾ ԱԾԱԿԱՆԸ
Իւրաքանչիւր ծաղիկի նկարին տակի քառակուսիները ամբողջացո՛ւր, ապա կարմիր քառակուսիներու տառերով կազմէ՛ պահուած բառը։ Պահուած ածականը կը վերաբերի խելացի հեռաձայններուն կարեւորութեան, յատկապէս մանուկներու եւ պատանիներու քով։
ԽաղալՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԽԱՂ ԽԵԼԱԽՕՍԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԲԱՌԵՐՈՎ
Ամբողջացո՛ւր հետեւեալ բառերուն պակսող տառերը ընտրելով կողքին տրուած տառերէն ճիշդը։
ԽաղալԿՐՆԱ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
Խաղալ