ԾԵՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
ԾԵՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԸ
Օր մը ծեր մարդ մը իր բջիջային հեռաձայնը մօտակայ հեռաձայն նորոգողին կը տանի եւ կ'ըսէ.
–Մի քանի ամիս առաջ գնեցի այս գործիքը եւ արդէն աւրուեցաւ. հեռաձայն չեմ կրնար ստանալ։ Խնդրեմ նորոգէ, այլապէս ստիպուած նոր մը պիտի գնեմ։
Երիտասարդ մասնագէտը լաւ մը քննելէ եւ փորձելէ ետք հեռաձայնը, կ'ըսէ.
–Հայրի՛կ, գործիքդ աւրուած չէ, քանի՜ անգամ փորձեցի. թէ՛ կարելի է հեռաձայնել, թէ՛ ալ հեռաձայն ստանալ։
Ծեր մարդը հազիւ այս խօսքերը կը լսէ՝ անմիջապէս աչքերը կ'արցունքոտին, յետոյ կը սկսի ցած ձայնով լալ.
–Վստա՞հ ես, որ լաւ կ'աշխատի,– կ'ըսէ նորոգողին,– հապա ինչո՞ւ զաւակներս ինծի չեն հեռաձայներ։
Հեռաձայն նորոգողը կ'ազդուի տեսնելով ծերունիին յուզումը եւ չի գիտեր ինչ ըսէ։ Գաւաթ մը ջուր կը հրամցնէ եւ աթոռ մը կ'առաջարկէ անոր, որպէսզի հանգչի:
Ծերունին, քիչ մը հանգստանալէ ետք, կը հարցնէ երիտասարդին.
–Դուն ծնողքիդ հե՞տ կ'ապրիս:
–Ո՛չ,– կը պատասխանէ ան: –Անոնք գիւղը կ'ապրին: Ես քաղաք եկայ, որովհետեւ հոս աւելի գործ կայ:
– Վստահ եմ, դուն յաճախ կը հեռաձայնես ծնողքիդ,– կ'ըսէ ծերունին:
Մասնագէտը կը շուարի եւ կ'ամչնայ, որովհետեւ ինք ալ իր բազմազբաղ վիճակին, գործի երկար ժամերուն եւ ընտանեկան պարտաւորութիւններուն կողքին շատ ժամանակ չէր ունենար իր ծնողներուն այցելելու, իսկ հեռաձայնելու կա՛մ կը մոռնար, կա՛մ ժամը յարմար չէր նկատեր։
Ծերունին տեսնելով երիտասարդին շուարումը կ'ըսէ.
–Խնդրեմ ինծի բարիք մը ըրէ եւ յաճախ հեռաձայնէ ծնողքիդ եւ մի՛ ձգեր, որ կարծեն, թէ մոռցած ես զիրենք։
Մասնագէտը յուզուած կը մտածէ իր ծնողներուն մասին եւ կ'որոշէ յաճախ հեռաձայնել եւ այցելել անոնց, որպէսզի անոնք ալ ծերունիին յուսախաբութիւնը չապրին։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Ծերունիին հեռաձայնը ի՞նչ վիճակի մէջ էր։
- Ծերունին ինչո՞ւ նեղուեցաւ, որ հեռաձայնը աւրուած չէ։
- Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։