ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ

ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ

Հրակն ու Կարէնը մանկութեան մտերիմ ընկերներ էին։ Անոնք միշտ միասին կը խաղային եւ իրարու կ’օգնէին:

Ժամանակի ընթացքին անոնց ճամբաները իրարմէ բաժնուեցան*: Անոնց կեանքերն ալ տարբեր ձեւերով ընթացան: Տարիներ անցան եւ Հրակ շատ հարստացաւ, սակայն Կարէն, հակառակ որ աշխատասէր էր, չէր կրնար բաւարարել իր կնոջ եւ երեք զաւակներուն բոլոր պէտքերը: Անոնք կ’ապրէին փոքր հիւղակի* մը մէջ, երբեմն զուրկ* նուազագոյն* պիտոյքներէ*:

Օր մը, Կարէնին կինը կը թելադրէ ամուսինին, որ երթայ եւ իր հարուստ ընկերէն օգնութիւն խնդրէ։ Կարէն սկիզբը չ’ուզեր, բայց ի վերջոյ, զաւակներուն սիրոյն, կ’որոշէ երթալ։

Հրակ կ’ապրէր փառահեղ* դղեակի մը մէջ։ Կարէն, երբ կը մօտենայ անոր դարպասին*, պահակները կ’արգիլեն իր մուտքը։ Կարէն կը խնդրէ անոնցմէ, որ տեղեկացնեն Հրակը, թէ իր մանկութեան ընկերը՝ Կարէնը, եկած է զինք տեսնելու։

Հրակ անմիջապէս կը փութայ անձամբ դիմաւորելու Կարէնը. դարպասին դիմաց երկու ընկեր կը գրկախառնուին* ու կը համբուրուին, մինչ պահակները զարմացած կը դիտեն, թէ իրենց հարուստ տէրը ի՛նչ գործ ունի աղքատիկ տեսքով այդ մարդուն հետ: Հրակ տուն կը հրաւիրէ Կարէնը ու ճոխ կը հիւրասիրէ զայն: Անոնք ժամերով կը զրուցեն վերյիշելով իրենց մանկութեան անուշ օրերը։

Ժամանակը արագ կ’անցնի, սակայն Կարէն կ’ամչնայ ընկերոջմէ օգնութիւն խնդրելու եւ առանց այդ նիւթին շուրջ բառ մը իսկ ըսելու, հրաժեշտ կ’առնէ Հրակէն:

Վերադարձի ճամբուն վրայ ան մի քանի այլ ծանօթներու եւ վայրեր կը հանդիպի, ուշացնելով տուն ժամանումը*, մտածելով թէ ի՛նչ պիտի ըսէր կնոջ, որ յուսախաբ պիտի ըլլար իրմէ՝ ձեռնունայն* վերադարձած ըլլալուն պատճառով:

Ժամեր կ'անցնին. Կարէն այլեւս չէր կրնար աւելի ուշանալ: Ինչ ալ ըլլար, հարկ էր տուն երթալ եւ մտածել այլ ելքի մը մասին: Վարանոտ* քայլերով կը բռնէ տան ճամբան: երբ կը մօտենայ, կը տեսնէ թէ կինն ու զաւակները նոր հագուստներ հագած էին, իսկ գործաւորներ նուէրներ կը փոխադրէին բեռնաւորուած* կառքէ մը, մինչ շինարարի* հագուստով մարդիկ տան քովի հողը կը չափչփէին նոր տուն կառուցելու համար։

Կարէն կը հասկնայ, թէ ինք որքա՜ն բախտաւոր է Հրակին նման ազնիւ եւ հաւատարիմ ընկեր մը ունենալուն համար, որ առանց իր խնդրելուն, հասկցած էր անոր վիճակը եւ յարգած՝ անոր արժանապատւութիւնը:


Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

  1. Կարէն ինչո՞ւ չ’ուզեր ընկերէն օգնութիւն խնդրել։
  2. Հրակ ինչպէ՞ս կը դիմաւորէ Կարէնը։
  3. Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։